2017-03-31 08:50:00

Գիրքի շնորհանդէս եւ լուսանկարներու ցուցահանդէս` նուիրուած Սուրիահայերուն


Մարտ 29-ին Երեւանի պատմութեան թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Վերսկիզբ. սուրիահայերու յաջողութիւններն ու աւանդը Հայաստանի ձեռնարկատիրութեան ոլորտին մէջ» գիրքի շնորհանդէսը եւ համանուն լուսանկարներու ցուցահանդէսը:

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր «Սուրիացի փախստականներու տնտեսական ընդելուզումը Հայաստանի մէջ» ծրագիրի ծիրէն ներս, որ Գերմանիոյ միջազգային համագործակցութեան ընկերութեան եւ Գերմանիոյ կառավարութեան պատուիրմամբ իրականացուող «Մասնաւոր հատուածի զարգացումը Հարաւային Կովկասի մէջ»  ծրագիրի բաղադրիչն է:

Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մաթիաս Քիսլերն իր ելոյթին մէջ նշեց, որ ՀՀ կառավարութիւնը կ´ընէ հնարաւոր ամէն բան` սուրիահայերու խնդիրները լուծելու համար, եւ մէկ շունչին ինկող սուրիահայերու թիւով Հայաստան առաջ է եւրոպական շատ երկիրներէ:

ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարի տեղակալ Տիգրան Խաչատրեան կարեւոր համարեց Սփիւռքի նախարարութեան եւ միւս գերատեսչութիւններու դերը` սուրիահայերու հիմնախնդիրներու լուծման ուղղութեամբ իրականացուած աշխատանքներուն մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մաթիաս Քիսլերին`  ծրագիրին աջակելու համար:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար, նախարարութեան մէջ սուրիահայերու հետ տարուող աշխատանքային խումբի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան իր հերթին ընդգծեց, որ ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի յանձնարարութեամբ սուրիահայերու հետ տարուող աշխատանքները կը համակարգէ Սփիւռքի նախարարութիւնը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ: Իրականացուած աշխատանքներու արդիւնքները, ինչպիսիք են` անվճար բուժօգնութեան, կրթութեան իրաւունք, դիւրացուած կարգով ՀՀ քաղաքացիութեան իրաւունքի ձեռքբերում, բնակարաններու վարձերու փոխհատուցում եւ այլն, հնարաւոր եղած է  ՀՀ կառավարութեան եւ միջազգային, հասարակական եւ բարեգործական կազմակերպութիւններու սերտ համագործակցութեան արդիւնքով: Ան յոյս յայտնեց, որ այսուհետեւ եւս այդ աշխատանքները պիտի ըլլան շարունակական եւ համակարգուած:

Սուրիահայերու Միութեան նախագահ Ներսէս Քեւոն շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի պետական գերատեսչութիւններուն` իրենց խնդիրներուն ականջալուր ըլլալու եւ սրտցաւ վերաբերմունք դրսեւորելու համար, ինչպէս նաեւ հասարակական կազմակերպութիւններուն, Գերմանիոյ միջազգային համագործակցութեան ընկերութեան (ԳՄՀԸ), Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան ներկայացուցիչին:








All the contents on this site are copyrighted ©.